ԱԺ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի պատգամաւոր, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նախկին խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանի ֆէյսպուքեան գրառումը.
9 տարի առաջ այս օրը՝ հայկական Քարվաճառի շրջանին մէջ, մեծ թիւով դպրոցականներու մասնակցութեամբ, բացուեցաւ Արցախը ՀՀ-ին կապող երկրորդ մայրուղին։ Ասիկա Հայաստան համահայկական հիմնադրամի, ՀՀ-ի եւ Արցախի կառավարութիւններուն համատեղ քայլն էր՝ ուղղուած Արցախի ռազմավարական զարգացման եւ անվտանգութեան ամրապնդման։
Այդ քայլին ազդեցութիւնը շեշտուեցաւ ոչ միայն Արցախի եւ անոր շրջաններուն տնտեսական կտրուկ բարգաւաճման, այլեւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ռազմական նշանակութեան խնդիրներու կատարման գործին մէջ։
Անկէ 3 տարի ետք՝ պատերազմին աւարտէն մէկ ամիս ետք, կապիտուլիանտ իշխանութիւնը Քարվաճառի շրջանը յանձնեց Պաքուին՝ ճանապարհ բանալով Արցախի ամբողջական բռնագրաւման համար։
