Amnesty International-ը նոյեմբերին Բաքուին մէջ տեղի ունենալիք COP29-ին ընդառաջ յայտարարութիւն է տարածած եւ հորդորած, որ ընդունող երկրի եւ ՄԱԿ-ին հետ կնքուելիք յուշագիրը պարունակին երաշխիքներ, որ մարդու բոլոր իրաւունքները պաշտպանուած եւ յարգուած կ՚ըլլան՝ ինչպէս միջոցառումներու անցկցման տարածքին մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:
«Ատոնք կը ներառեն խօսքին ազատութեան եւ խաղաղ հաւաքներու իրաւունքը: Աս յատկապէս կարեւոր է, քանի որ Բաքուի իշխանութիւնները պարբերաբար կը խստացնեն գրաքննութիւնը եւ վերջերս ուժեղացուցած են այլախոհութեան նկատմամբ ճնշումները՝ կալանաւորելով լրագրողներու, իրաւապաշտպաններու եւ կլիմային իրաւունքներու պաշտպանութեան ակտիվիստներ»,- կ՚ասուի յայտարարութեան մէջ։
Կազմակերպութիւնը կը յորդորէ է նաեւ ազատ արձակիլ Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն անարդարացիօրէն կալանաւորուած բոլոր անձանց։
Յայտարարութեան մէջ կ՚ասուի, որ հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ Բաքուի կառավարութեան կողմէն իրականացուած մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումները, կէնսական նշանակութիւն ունէ, որ կնքուած հիւրընկալող երկրի համաձայնագիրը հրապարակուի ստորագրումէն անմիջապէս ետք, որպէսզի հնարաւիր ըլլայ ուսումնասիրիլ եւ գնահատիլ, թէ որքանով է պաշտպանուած COP29-ի հանրային տարածքը:
