Գերմանիոյ մէջ գործող մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններն կառավարութենէ եւ COP 29-ի պատուիրակութիւններէն պահանջած են միջամտիլ եւ Բաքուի կառավարութեանը յորդորիլ անհապաղ ազատ արձակիլ, նախքան համաժողովին անցկցումը, Բաքուին մէջ գտնուող «բոլոր հայ քաղբանտարկեալներուն եւ վերջ դնիլ Ալիեւի ցեղասպանական բռնատիրութեանը»: Ասոր մասին կը յայտնէ «Ազգ» շաբաթաթերթը՝ վկայակոչելով Գերմանիոյ մէջ գործող Frankfurter Rundschau օրաթերթին։
Օրաթերթը նաեւ անդրադարձած է Արեւելեան Հայաստանի դէմ ուղղուած շարունակական սպառնալիքներուն: Կը նշուի, որ «Հայաստանի դէմ ուղղուած սպառնալիքը գոյութենական վտանգն է: Բաքուի դպրոցականներուն կուսուցանեն հայազգի բարբարոս թշնամիներու, ահաբեկիչներու դէմ պայքարիլ»: Կւ յաւելեն, որ կլիմային փոփոխութիւններուն նուիրուած նման կարեւոր համագումարը Բաքուի նման երկրին մը մէջ անցկցնիլը ինքըզինքը ողբերգական երեւոյթ է:
«Գերմանիոն ոչ միայն այդ հնարաւորութիւնն ունէ, այլեւ պատմական պատասխանատւութիւն կը կրէ՝ որպէս Հայոց ցեղասպանութեան մեղսակից երկիր»,- գրուած է յօդուածին մէջ։
Օրաթերթին լրագրող Էրքան Փեհլիվան հարցազրոյց է վարած նաեւ Բունդեսթագի (խորհրդարանի) կոալիցիոն կառավարութեան երկու կուսակցութիւններու պատգամաւորներու հետ: Սոցիալ-դեմոկրատ Ֆրանկ Շուաբեն, պատասխանելով լրագրողին հարցին նշած է, որ քանակական աճը խիստ դրամատիկական է, քանի որ անցեալ տարի երկրին ներսը գտնուող քաղբանտարկեալներու թիվը քառապատկուած է՝ անցնելով 300-ը:
«Աս այն պատճառներէն մէկն է, թէ ինչու ատրպէյճանցի պատուիրակներուն արգելուեցաւ մասնակցիլ Եւրոխորուհրդի խորհրդարանական վեհաժողովին»,- աւելցուցած է ան:
Իսկ Կանաչներու կուսակցութենէ Մաքս Լուքս կառավարութենէ պահանջած է աւելի խիստ միջոցներ ձեռնարկիլ:
«Մենք պարտաւոր ենք բացեիբաց խօսիլ Բաքուի հետ եւ ոչ թէ լուռ մնալ յանուն մեր նոր էներգագործակցութիւնը պահպանելու: Ես աս կըսեմ, որովհետեւ կը տեսնամ, թէ ինչպէս Ատրպէյճան կալանքին տակ կը պահէ հայերուն՝ պարզապէս, որովհետեւ մենք յաճախ չափազանց թոյլ ենք եղած անցեալը: Ատ «քարտ բլանշ» է իւրաքանչիւր ռեժիմին համար, որ ազատութիւնը կը յամարէ սպառնալիք, իսկ ճնշում գործադրիլը՝ լուծում իր տարաբնոյթ հարցերու»,- նշած է Լուքս:
