«Մեր կազմակերպութիւնը՝ «Արցախ» միութիւնը, պաշտօնական ընթացակարգով դիմեց՝ կանաչ գօտիին մէջ տաղաւար ունենալու համար՝ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչ, որպէսզի ներկայացնենք Արցախի ժողովուրդին առնչուող հարցերը եւ Արցախի կենսաբազմազանութիւնը, ինչպէս կը նախատեսէ COP17-ը։ Մերժեցին եւ տաղաւար չտրամադրեցին։ Հիմա կրնան զանազան պատճառաբանութիւններ ներկայացնել, ըսել՝ ուրիշներուն ալ մերժած են եւ այլն, սակայն փաստը կը մնայ, որ մենք այդ հնարաւորութիւնը չենք ունեցած», «Sputnik Արմենիա»-ի հետ զրոյցին ըսած է միութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեան։
COP17-ը մերժած է «Արցախ» միութիւնը․ Արտակ Բեգլարեան
- by WesternArmenia, October 20, 2026 in Լուրեր
104
դիտում
