Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ CSI-ը, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ պահանջած է արդարութիւն Արցախի համար։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիկ զտումներու երրորդ տարելիցին առիթով Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը (Christian Solidarity International՝ CSI), Համաշխարհային աւետարանական դաշինքը եւ Եւրոպական իրաւունքի եւ արդարադատութեան կեդրոնը դիմած են ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին՝ պահանջելով ապահովել տեղահանուած հայ քրիստոնեաներու անվտանգ վերադարձը։
CSI-ի ներկայացուցիչ դոկտոր Ճոել Վելդքամփ քննադատած է Ատրպէյճանը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները չկատարելու համար, եւ ընդգծած է մշակութային ժառանգութեան շարունակուող ոչնչացումը, ապօրինի կալանաւորումները եւ դիւանագիտական անգործութիւնը։
CSI-ը ՄԱԿ-ին կոչ ըրած է աջակցելու Զուիցերիոյ հովանաւորութեամբ խաղաղութեան համաժողովի ստեղծման եւ ընդգծած, որ խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ էթնիկ զտումներու հիման վրայ։
