«Genesis Armenia» ուղեղային կեդրոնը՝ Սումգայիթի մէջ 1988 թուականի Փետրուար 27-29-ին տեղի ունեցած հայերու ջարդերու տարելիցին առիթով, հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ շեշտելով, թէ այդ դէպքերը 20-րդ դարավերջի Ազրպէյճանի պատմութեան ամէնէն ծանր յանցագործ դրուագներէն են։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սումգայիթի խաղաղ հայ բնակիչները ենթարկուած են կազմակերպուած եւ դաժան բռնութիւններու, որոնց հետեւանքով հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուած, խոշտանգուած եւ տեղահանուած են։ Ըստ կեդրոնին՝ այս ոճրագործութիւնները տեղի ունեցած են պետական մեղսակցութեան պայմաններուն մէջ եւ դարձած են յետագայ հակահայկական բռնութիւններու սկիզբը՝ Պաքուի եւ այլ վայրերու մէջ։
Կազմակերպութիւնը կը շեշտէ, որ այդ յանցագործութիւններու անպատժելիութիւնը նպաստած է բռնութեան շարունակութեան, որոնց գագաթնակէտը, ըստ յայտարարութեան, դարձած է 2023 թուականին Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան զանգուածային էթնիկ զտումը։ Նշուած է նաեւ հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի նախկին պաշտօնեաներու կալանաւորման խնդիրը։
«Genesis Armenia»-ն կը կարեւորէ բոլոր հայ ռազմագերիներու անհապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, տեղահանուածներու անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովումը, ինչպէս նաեւ միջազգային վերահսկողութեամբ անվտանգութեան յստակ մեխանիզմներու ստեղծումը։ Կեդրոնին համոզմամբ՝ միայն այս քայլերը կրնան հիմք հանդիսանալ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։
