Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Ազրպէյճանի ճնշումին տակ Իսրայէլի իշխանութիւնները Քնեսէթի օրակարգէն հանած են Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ Ըստ «Հաարեց» թերթին կողմէ հաւաքուած տեղեկութիւններուն՝ իսրայէլցի պաշտօնատարները իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներուն վստահեցուցած են, որ այդ հարցը պիտի հանուի օրակարգէն։
Իսրայէլեան աղբիւրի համաձայն՝ վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն անձամբ արգելափակած է քուէարկութիւնը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի՝ իր գրասենեակին հետ կապ հաստատելէն ետք։
Աղբիւրը նշած է, որ թէեւ Իսրայէլի կառավարութիւնը նախորդ ամիս հաստատած էր Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը, անիկա Քնեսէթի քուէարկութեան չէ ներկայացուած՝ վարչապետ Նեթանիահուի վրայ գործադրուած ճնշումներուն պատճառով։
Իսրայէլի նախարարներու կազմը 2026 թուականի Յունիս 28-ին միաձայն ճանչցած էր Հայերու ցեղասպանութիւնը, սակայն Քնեսէթի հաստատումը, որ անհրաժեշտ էր զայն պաշտօնական պետական քաղաքականութիւն դարձնելու համար, Ատրպէյճանի ճնշումներուն ներքոյ հանուած է օրակարգէն։ Քնեսէթի արձակուրդներուն եւ Հոկտեմբեր 27-ի ընտրութիւններուն պատճառով հարցը մօտ ապագային հաւանաբար պիտի չլուծուի՝ մնալով կառավարական որոշում, այլ ոչ թէ վերջնական քաղաքականութիւն։
