«Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ստացուած գրութեամբ տեղեկացանք, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը “Պատալեանն ընդդէմ Ատրպէյճանի” գործով սահմանուած ժամկէտին ՄԻԵԴ Մեծ պալատ բողոք չէ ներկայացուցած ընդդէմ կայացուած որոշումին, որու արդիւնքին որոշումը մտած է օրինական ուժի մէջ։
Սոյն գործով Եւրոպական դատարանն արձանագրած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չէր տրամադրած համոզիչ եւ բաւարար բացատրութիւն առ այն, որ Արթուր Պատալեանի հոգեկան առողջութեան լուրջ խնդիրները, որոնք ի յայտ եկած են անազատութենէն ազատուելէ ետք, որեւէ կերպ կապուած չեն պահելու պայմաններու եւ այն վերաբերմունքի հետ, որը Պատալեանն ստացած էր անազատութեան գտնուելու ընթացքին:
Այսպիսով, Եւրոպական դատարանը եզրահանգած էր, որ տեղի ունեցած է նաեւ ՄԻԵԿ 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին ենթակէտի խախտում, այն է՝ «Իւրաքանչիւր ոք ունի ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունք։ Ոչ ոքի չի կարելի ազատութենէն զրկել այլ կերպ, քան սոյն յօդուածին սահմանուած պարագային եւ օրէնքով սահմանուած կարգով»:
Սոյն գործով ՄԻԵԴ-ը պարտաւորեցուցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեանը Պատալեանին վճարել 30.000 եվրոյ՝ որպէս բարոյական վնասի փոխհատուցում»։
