«Monument Watch»-ը ահազանգ կը հնչեցնէ․ Պաքուն Դադիվանքն ու Գանձասարը կը ներկայացնէ իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն  

  • by WesternArmenia, October 20, 2026 in Լուրեր
102 դիտում

«Monument Watch» նախաձեռնութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ Ատրպէյճանի՝ Դադիվանքի եւ Գանձասարի հայկական վանական համալիրները «Կովկասեան Աղուանքի» ժառանգութիւն ներկայացնելու փորձերուն առնչութեամբ։

2026 թուականի Սեպտեմբեր 11–12-ին օտարերկրեայ դիւանագէտներու շուրջ 150 հոգինոց պատուիրակութիւն մը այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ, ուր վանքերը ներկայացուած են իբրեւ աղուանական քրիստոնէական ժառանգութիւն։

Ատրպէյճանական կողմը Դադիվանքի պատերուն ագուցուած խաչքարերը ներկայացուցած է իբրեւ նորակերտ եւ արհեստականօրէն հնցուած։ Սակայն «Monument Watch»-ը կը նշէ, որ անոնցմէ եօթը ունին 1172–1190 թուականներու արձանագրութիւններ, իսկ անոնցմէ քանի մը հատը փաստագրուած են դեռեւս 1911 թուականին։ Խաչքարերը պատրաստուած են պազալտէ, ինչ որ կը նպաստէ անոնց լաւ պահպանման։

Նախաձեռնութեան գնահատմամբ՝ հայկական եկեղեցիներն ու պատմական յուշարձանները «Կովկասեան Աղուանքի» ժառանգութիւն ներկայացնելը հայկական մշակութային ժառանգութեան ինքնութիւնը ժխտելու քաղաքականութեան դրսեւորում է։