Արեւելեան Հայաստանը դարձաւ 43-րդ երկիրը, որը պաշտօնապէս միացաւ ՆԱՍԱ-ի Արտեմիս համաձայնագիրին։ Ծրագրիը նպատակ ունէ ուսումնասիրիլ Մարսը եւ տիեզերական այլ օբյեկտներ:
ՆԱՍԱ-ի ղեկավար Բիլ Նելսոն ջերմօրէն ողջունած է Արտեմիսի համաձայնագիրին միանալու Արեւելեան Հայաստանի որոշումը՝ ընդգծելով գիտութեան, տիեզերական հետազոտութեան, աստղագիտութեապ ոլորտներու մէջ Հայաստանի՝ պատմականօրէն արձանագրած մեծ նուաճումները։
Artemis համաձայնագիրը ստեղծուած է 2020ին Միացեալ Նահանգներու եւ եօթ այլ երկրներու կողմէն՝ սահմանելու սկզբունքներու գործնական փաթեթը, որոնք կառաջնորդեն տիեզերքի ուսումնասիրութիւնն ու օգտագործումը:
Բացի մեր երկրէն, մինչ օրս 42 երկիր էր ստորագրած այս համաձայնագիրը, այդ թիվը՝ 20-ը՝ Եւրոպային մէջ, 8-ը՝ Ասիոյ մէջ, 6-ը՝ Հարաւային Ամերիկային մէջ, 3-ը՝ Հիւսիսային Ամերիկային մէջ, 3-ը՝ Աֆրիկային մէջ եւ 2-ը՝ Օվկիանիոյ մէջ։
