«Արցախի հայութիւնը Արցախի մէջ 5 հազար տարուայ պատմութիւն ունի»․ գիտնականը կ’առաջարկէ փաստերն օգտագործել բանակցութիւններուն մէջ  

  • by Editbeglari, April 03, 2025 in Գիտութիւն
433 դիտում

2015 թուականին Ադրբեջանի դիւանագիտական ճնշումներու պատճառով մէկ տարիով յետաձգուեցաւ «Ազոխի քարանձաւն ու կովկասեան միջանցքը» գիրքի հրատարակումը։ Ադրբեջանի իշխանութիւնները ոչ միայն փորձեցին արգելափակել այս գիտական աշխատանքը, այլեւ միջազգային ոստիկանութեան միջոցով ձերբակալելու փորձեր ձեռնարկեցին անոր խմբագիրներու՝ կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, բրոֆեսոր Լեւոն Եպիսկոպոսեանի նկատմամբ։

Ազոխի քարանձաւը, որը կը գտնուի Հադրութի շրջանը, դարձեր է միջազգային գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն։ Այստեղ 20 տարուայ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին յայտնաբերուեր են 100-400 հազար տարուայ վաղեմութիւն ունեցող նստուածքներ, ինչը կարեւոր նշանակութիւն ունի նախնադարեան մարդու տեղաշարժերու եւ բնակութեան ուսումնասիրութեան համար։ ԴՆԹ-ի վերլուծութիւնները ցոյց տուեր են, որ Արցախի հայութիւնը բնիկ է եւ առնուազն 5000 տարի շարունակ ապրեր է այս տարածքին մէջ։

Բրոֆեսոր Եպիսկոպոսեանը կը նշէ, որ ադրբեջանական կողմը հետեւողականօրէն կը փորձէ խեղաթիւրել պատմական փաստերը եւ իւրացնել հայկական ժառանգութիւնը, մինչդեռ հայ գիտական արդիւնքները բաւարար ուշադրութիւն չեն ստանար պետական մակարդակով։ Ան կ’ընդգծէ, որ առանց գիտական հետազօտութիւններու համապատասխան հանրայնացման եւ պետական աջակցութեան հնարաւոր չէ պաշտպանել հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւնը՝ միջազգային տեղեկատուական եւ դիւանագիտական պայքարին մէջ։