Արցախի մէջ պեղումներու ընթացքին գիտնակաները ապշեցուցիչ բացայայտումներ ըրեր են

  • by Éditeur, April 09, 2019 in Գիտութիւն
730 դիտում

Արցախեան Ազոխ գիւղին մէջ հայ եւ օտարազգի գիտնականներու կողմէ կատարուած պեղումները հաստատեցին.

“Եօթ հազար տարի առաջ այնտեղ բնակող մարդիկ ժամանակակից հայերու նախնիներն են: Հայերը Հայկական լեռնաշխարհի միակ բնիկ ժողովուրդն են, անոնք այլ տարածքներէ չեն ներգաղթած”, կ՛ըսէ կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Լեւոն Եպիսկոպոսեանը:

«Մենք Արցախի մէջ կատարուած բազմաթիւ պեղումներէ ետք ուսումնասիրեցինք աւելի քան տասը քարայր, եւ եկանք այս եզրահանգման: Այդ քարայրներէն կը յւիշատակեմ Ազոխի եւ Ալեքսան Օզէի քարանձաւները », – ըսաւ Եպիսկոպոսեանը:

Ըստ անոր, նեանդերտալցիներու եւ ձուկի ոսկորներու մնացորդները յայտնաբերուեր են բազմաթիւ մշակութային շերտերու մէջ: Սակայն ի տարբերութիւն Ազոխի քարանձաւին՝ ԴՆԹ-ն աւելի լաւ պահպանուած է Ալեքսան-Ուզէ քարայրին մէջ:

«Այստեղ յայտնաբերեցինք մօտ եօթ հազար տարի առաջ Արցախի մէջ ապրած մարդու մը ատամը: Ինչպէս գիտէք, ատամի մէջ  ԴՆԹ-ն կրնայ դարերով պահպանուիլ », – նշեց Եպիսկոպոսեանը:

Ատամի գէնետիկ  փորձաքննութօւնը կատարուեցաւ Կոպենհագէնի մէջ եւ պարզուեցաւ, որ այդ գէնը կը համապատասխանէ ժամանակակից հայերու գէնին:

Սա եւս ապացոյց մըն է, որ հայերը Հայկական լեռնաշխարհի բնիկ ժողովուրդն են: