Մատենադարանի մասնագետները կը վերականգնեն Միջին Արեւելքի մէջ վնասուած ձեռագիրները: Ասոր մասին նշեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարան ինստիտուտի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդռանը:
«Կը նախատեսուի նոր խոշոր ծրագիր մը իրականացնել, որուն հիմքերը դրուեր են 2018 թուականին: Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ձեռագիրներու 9 վերականգնող ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի աջակցութեամբ եկան Հայաստան, եւ Մատենադարանի մասնագէտները մեկ շաբաթեայ դասընթաց կազմակերպեցին՝ որակաւորման բարձրացման, գիտելիքներու խորացման նպատակով: Ըսեմ, որ մեր գործընկերները շատ գոհ էին արդիւնքներէն։ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի համար այն համարուեցաւ յաջող ծրագիրներէն մէկը»,- ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը:
Սուրիոյ, Իրաքի մէջ վերջին տարիներուն մշակութային արժքները մեծապէս վնասուեր են, բաւական տուժեր են: Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի խօսքով, կը նախատեսուի, որ Մատենադարանը դառնայ տարածաշրջանային կեդրոն նման ձեռագիրներու վերականգնման համար:
«Անոնք խումբ առ խումբ կը բերուին Հայաստան, կը վերականգնուին եւ կը վերադարձուին: Սա, կտ կարծեմ, կ’ունենայ ինչպէս մշակութային, այնպէս ալ քաղաքական նշանակութիւն: Կը սպասենք ծրագիրի վերջնական հաստատման»,-ըսաւ Մատենադարանի տնօրէնը:
