Գերմանացի պատմաբան եւ Հայֆայի համալսարանի փրոֆէսոր Սթեֆան Իհրիկը տարիներ շարունակ կ՚ուսումնասիրէ Գերմանիոյ եւ Հայերու ցեղասպանութեան պատմական առնչութիւնները։
Անոր գնահատմամբ՝ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն Գերմանիոյ իշխանութիւնները յաճախ կը նախընտրէին պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հետ դաշինքը, մինչդեռ շարք մը գերմանացի հիւպատոսներ կը դատապարտէին հայերու դէմ գործադրուող բռնութիւնները։ Կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ Յոհաննէս Լեփսիուսը, որ Գերմանիոյ մէջ բարձրաձայնած է հայերու վիճակին մասին։
Իհրիկ կ՚առանձնացնէ 1921 թուականի Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը՝ նշելով, որ այն Գերմանիոյ մէջ վերածուած է Հայերու ցեղասպանութեան շուրջ կարեւոր հանրային քննարկման։ Անոր խօսքով՝ 1915 թուականի յանցագործութիւններու անպատժելիութիւնը յետագային ստեղծած է վտանգաւոր նախադէպ մը ցեղասպանութիւններու պատմութեան մէջ։
