Ալպերթ Յովհաննիսեանի հայրը պատասխաններ կը պահանջէ որդիին յիշատակը պղծելու դէպքին առնչութեամբ

  • by WesternArmenia, October 15, 2026 in Լուրեր
108 դիտում

Արցախեան պատերազմին հերոսացած Ալպերթ Յովհաննիսեանի հայրը՝ Արտակ Յովհաննիսեան, հրապարակային գրառումով իր մտահոգութիւնը յայտնած է Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիի պատէն որդիին խորհրդանշական նկարը ջնջելու առնչութեամբ՝ ընդգծելով, որ մինչեւ օրս որեւէ յստակ պարզաբանում չէ ստացած։

Սեպտեմբեր 26-ին դէպքին մասին բարձրաձայնելէ ետք՝ Արտակ Յովհաննիսեան ակնկալած էր պատասխանատու մարմիններու արձագանգը, սակայն, իր խօսքով, յաջորդած է լռութիւն։ Ան կը նշէ, որ տեղեկութիւն չունի՝ հարցը քննարկուա՞ծ է քաղաքապետարանին մէջ, կամ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է զայն լուծելու ուղղութեամբ։

«Հերոսներու յիշատակը ջնջելով չէ, որ պատմութիւն կը կերտուի։ Իսկ լռութեամբ հարցերը չեն փակուիր»,– ընդգծած է ան՝ պահանջելով յարգանք որդիին սխրանքին, յիշատակին եւ հանրային արժանապատուութեան հանդէպ։

Արտակ Յովհաննիսեան շեշտած է, որ իր պահանջը անձնական արտօնութիւն չէ, այլ արդարութեան եւ պատասխանատուութեան ակնկալիք։ Անոր խօսքով՝ հանրային պահանջը պիտի շարունակէ հնչել այնքան ժամանակ, մինչեւ հարցը ստանայ յստակ եւ արժանի լուծում։