Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող շուրջ 1100-ամեայ Սուրբ Խաչ եկեղեցին Սեպտեմբեր 6-ին կրկին պիտի ընդունի պատարագի մասնակիցները։ Այս տարի պատմական եկեղեցւոյ մէջ պատարագը պիտի մատուցուի 14-րդ անգամ՝ յատուկ արտօնութեամբ։
Սուրբ Խաչ եկեղեցին երկար տարիներ ետք՝ 2010 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին, շուրջ 95 տարուան ընդմիջումէ մը ետք կրկին բացուած էր կրօնական արարողութեան համար։ Մինչ այդ՝ 2005-ին, եկեղեցւոյ մէջ սկսած էին վերականգնման աշխատանքները, իսկ 2007-ին ան բացուած էր այցելուներուն համար՝ որպէս յուշարձան-թանգարան։
Այս տարուան պատարագը կը կազմակերպուի Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան կողմէ։ Կ՚ակնկալուի, որ պատարագը գլխաւորէ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան։ Արարողութեան կը սպասուի այցելուներու մասնակցութիւնը թէ՛ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանէն, թէ՛ արտերկրէն։
Պատարագի օրը այցելուները Աղթամար կղզի փոխադրելու համար պատրաստուած է 15 նաւակ։ Տեղական կառոյցները կը շարունակեն նախապատրաստական աշխատանքները՝ միջոցառումը ապահով եւ կազմակերպուած կերպով իրականացնելու համար։
