Աղքատութիւնն ու բնակարանային խնդիրը կը խորանան Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ 

  • by WesternArmenia, November 02, 2026 in Լուրեր
87 դիտում

Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ աղքատութիւնն ու բնակարանային ապահովութեան խնդիրը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնան։ Այս մասին «Ակօս»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է Պատրիարքական ընկերային օգնութեան յանձնաժողովի նախագահ Հերման Քաւաֆեան։

Անոր ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ համայնքին մէջ 803 ընտանիք ընկերային աջակցութեան կարիք ունի եւ սննդային օգնութիւն կը ստանայ։ Թուրքիոյ մէջ աճող սղաճին եւ բնակարաններու վարձքերու թանկացման հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ դժուարութիւն ունին հոգալու իրենց առօրեայ ծախսերը։ Ոմանք ստիպուած են տեղափոխուիլ Կոստանդնուպոլսոյ աւելի հեռաւոր թաղամասեր, իսկ ուրիշներ՝ քաղաքէն դուրս։

Քաւաֆեան նշած է նաեւ, որ համայնքին մէջ աճած է անօթեւաններու թիւը, իսկ թմրամոլութիւնն ու խաղամոլութիւնը լուրջ ուշադրութիւն կը պահանջեն։ Ան ընդգծած է ընկերային աջակցութեան համակարգը ամրապնդելու համար կարիքներու ճշգրիտ գնահատման, կառոյցներու համագործակցութեան եւ առկայ միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը։

Յանձնաժողովի նախագահին համոզմամբ՝ աղքատութեան դէմ պայքարը նոյնքան կարեւոր պատասխանատուութիւն է, որքան կրթութեան ոլորտին մէջ ներդրումները, քանի որ համայնքի ապագան կերտելու համար պէտք չէ անտեսել այսօր օգնութեան կարիք ունեցող ընտանիքները։