Անիի յիշատակը՝ բոյրի միջոցով 

  • by Editbeglari, September 04, 2026 in Լուրեր
102 դիտում

Ֆրանսահայ յայտնի օծանելիքագործ Սեսիլ Զարոքեանի ստեղծած «Անի» օծանելիքը պատմական Անիի անունն ու յիշատակը կը ներկայացնէ շքեղ օծանելիքի աշխարհին մէջ։

«Անի»-ն ստեղծուած է Կ․ Պոլսոյ մէջ հիմնուած «Նիշանէ» օծանելիքի տան համար եւ առաջին անգամ ներկայացուած է 2019 թուականին։ Բոյրին ստեղծման համար Զարոքեան ներշնչուած է Անիի պատմական աւերակներէն եւ «Սարի աղջիկ» երգէն։ Օծանելիքը ներառուած է «Նիշանէ»-ի «Առանց սահմաններու» հաւաքածոյին մէջ՝ որպէս մշակութային ժառանգութիւնը սահմաններէն անդին ներկայացնող ստեղծագործութիւն։

Բոյրին բաղադրութեան մէջ համադրուած են վանիլը, բերգամոտը, կապոյտ կոճապղպեղը, վարդագոյն պղպեղը, սեւ հաղարջը, հայկական վարդը, հիլը, մայրիի փայտը, պաչուլին, բենզոինը եւ ճանդանը։

Այսպիսով, պատմական Անիի անունը այսօր կը հնչէ ոչ միայն անոր պահպանուած յուշարձաններուն միջոցով, այլեւ միջազգային բուրաշխարհին մէջ՝ հայազգի ստեղծագործողի ինքնատիպ աշխատանքով։