Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ գրականութեան մեծերը մեր ազգային հպարտութեան անսասան սիւներն են։ Անոնց ստեղծած հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը դարեր շարունակ ձեւաւորած է հայ ինքնութիւնը եւ սերունդներուն փոխանցած ազգային արժանապատուութեան գաղափարը։ Այդ մեծերու շարքին առանձնայատուկ տեղ ունի Կոմիտաս Վարդապետը՝ հայ երաժշտութեան անզուգական վարպետը, որուն անունը շատոնց դարձած է համազգային արժէք։
Վերջերս լոյս տեսած «Կոմիտաս» հատորը, կազմուած եւ խմբագրուած հայ մշակոյթի նուիրեալ Յովսէփ Նալպանտեանի կողմէ, իւրայատուկ նուէր մըն է հայ ընթերցողին։ Գիրքը կը ներկայացնէ Կոմիտասի կեանքի կարեւոր էջերը, նամակները, յօդուածները, բանաստեղծութիւնները եւ անոր մասին գրուած արժէքաւոր վկայութիւնները։ Հատորին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հայ գրականութեան մեծերու՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Շահան Շահնուրի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Շիրազի եւ այլ հեղինակներու գնահատականներն ու ստեղծագործութիւնները։
477 էջանոց այս աշխատութիւնը ոչ միայն պատմական ու մշակութային արժէք ունի, այլեւ ընթերցողին կը փոխանցէ հայ ըլլալու, հայերէն կարդալու եւ ազգային ժառանգութեան հաղորդակից ըլլալու հպարտ զգացումը։ Կոմիտասի կերպարը գիրքին մէջ ներկայացուած է որպէս հայ ժողովուրդի ցաւն ու հոգեւոր ուժը մարմնաւորող խորհրդանիշ։
Այսպիսի գիրքեր կարեւոր դեր ունին հայապահպանութեան գործին մէջ։ Հայոց լեզուի, արուեստի եւ պատմութեան փոխանցումը իւրաքանչիւր հայու պատասխանատուութիւնն է, իսկ ազգային մեծերը յիշելը՝ մեր ինքնութեան պահպանման կարեւոր ուղիներէն մէկը։
