2024 թուականի Յունուար 19-ին կը լրանա՝ Արեւմտեան Հայաստանին տարածքը Հայաստան պետութեան փաստացի ճանաչման 104 ամեակը։ Western Armenia Tv-ին Անկախութեան օրուան ընդառաջ ձեզի կծանոթացնէ Արեւմտեան Հայաստանին եւ անոր խորհրդանիշներու հետ։
Այսօր կծանօթացունք Հայ ժողովրդին տրուած իրաւունքներու յամառոտ ցանկին, որուն տիրապետիլը կարեւոր նախապայման է իւրաքանչիւր հային համար։
14 Ապրիլ 1919 թ․
1919 թ. Յունուար 18-ին Փարիզին մէջ իր աշխատանքներն սկսաւ Փարիզին խաղաղութեան վեհաժողովը, որու կազմը կը գործեր Յատուկ հանձնաժողով փոխհատուցումներու հարցով։ 1919 թ․ Մարտ 7-ին նշեալ հանձնաժողովը ձեւաւորեցաւ առանձին մարմին՝ Յատուկ յանձնախումբ, որուն նպատակն էր ի մի բերիլ յանձնաժողովը չներկայացուած երկրներու եւ ժողովուրդներու նիւթական կորուստները եւ ատոնց յատուցմանը տալ պաշտօնական ընթացք: Յատուկ յանձնախումբը 1919 թ. Ապրիլ 14-ին ներկայացուց իր նախնական զեկոյցը, որու համաձայն՝ հայութեան ամբողջական նիւթական կորուստը 1914-1918 թթ.-ին 1919 թ.-ի գիներով կազմած է 19.130.982.000 միլիարդ ֆրանկ ոսկի։ Նիւթական փոխյատուցման պարտաւորութիւններ էին դրուած պարտուած բոլոր պետութիւններու վրայ՝ Գերմանիոյ, Ավստրիայի, Յունգարիայի, Բուլղարիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան։ Գերմանիան օրինակ իրեն վրայ դրուած նիւթական փոխյատուցման պարտաւորութիւնը ամբողջովին մարեց 2010 թուականին Յունիս ամսուն միայն։
Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մինչեւ օրս կը խուսափին նաեւ այս պարտաւորութենէ Արեւմտեան Հայաստանին յանդեպ։
II. Որոշում Կիլիկիոյ Հայերու իրաւունքին մասին
1․ 4 Օգոստոս 1920 թ.
Կիլիկիոյ հայերն ընդունեցին «Կիլիկիոյ անկախութեան մասին» Յռչակագիրը։ «Գաղութացուած երկրներուն եւ ժողովուրդներուն անկախութիւն շնորհելու մասին» ՄԱԿ-ի Յռչակագիրին համաձայն, ընդունուած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամբլեային կողմէն 14 Դեկտեմբեր 1960 թ., աշխարհը անկախութիւն ստացան 60-էն աւելի երկրներ։
III. Որոշումներ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ
1․ 24 Մայիս 1915 թ․ Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսիոն եւ Ռուսաստանը յանդէս եկան երիտթուրքական կառավարութեան սանձազերծած հայերու կոտորածներն ու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յատուկ յայտարարութեամբ, որտեղ 1915 թ. ապրիլեան կոտորածները որակեցին որպէս Թուրքիո նոր ոճիրը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ: Ըստ սոյն յայտարարութեան՝ հետագային ստեղծուեցաւ Կոստանդնուպոլսի Յատուկ ռազմական ատեանը, որն իրականացուց երիտթուրք պարագլուխներու դատաւարութիւնը։
2․ 1919 – 1920 թթ․ Կոստանդնուպոլիս տեղի ունեցաւ երիտթուրք պարագլուխներու դատաւարութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութիւնն առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ ներքաշելու եւ կայսրութեան յպատակ հայ քաղաքացիներու ջարդերն ու բռնագաղթը կազմակերպելու մեղադրանքներով։ Կոստանդնուպոլիսին Յատուկ ռազմական ատեանը երիտթուրք պարագլուխներէն շատերուն յեռակա կարգով դատապարտեց մահուան, որն իրականացուցին «Նեմեսիս» գործողութեան հայ վրիժառուները՝ 1921-1922 թուականներուն։
Այս ամէնն իր հերթին կը նշանակէ, որ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան դատապարտումը տեղի ունեցած է եւ սխալ է «Անավարտ Նյուրընբերգ» արտայայտութիւնը կիրառիլ Հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան նկատմամբ։ Հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան դատապարտումը իրականացուած է։ Չի իրականացուած հայ ժողովուրդին կրած վնասին յատուցումը, այդ թիւը, Իրաւարար վճիռին կեանքին կոչումն ու իրականացումը։
