Բեմադրիչ Շէյլա Քորքութի «Նոյն նռան հատիկները» վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացուի Երեւանի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնի GAIFF Pro Work in Progress հարթակին մէջ, ուր կը ցուցադրուին հետարտադրութեան փուլին մէջ գտնուող խոստումնալից նախագիծերը։
Ֆիլմը հիմնուած է բեմադրիչին անձնական ընտանեկան պատմութեան վրայ։ DNA հետազօտութեան շնորհիւ ան վերագտած է Հայերու ցեղասպանութեան տարիներուն բաժնուած իր հայկական արմատները եւ տասնամեակներ ետք հանդիպած է աշխարհի տարբեր կողմերը սփռուած իր ազգականներուն։ Այդ վերամիաւորումն ալ դարձած է ֆիլմի հիմնական նիւթը։
Շէյլա Քորքութ կը պատմէ, որ իր նպատակը ոչ թէ անցեալի ցաւը վերապրիլն է, այլ յիշողութեան, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին համամարդկային պատմութիւն մը ներկայացնելը՝ ընդգծելով, որ նոյնիսկ ամենէն անձնական պատմութիւնը կրնայ վերածուիլ համընդհանուր փորձառութեան։
Ֆիլմի կարեւոր դրուագներէն են նաեւ Հայաստան կատարած այցելութիւնը, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մատուցուած յարգանքի տուրքը եւ առաջին հանդիպումները հայկական մշակութային միջավայրին հետ, որոնք, ըստ բեմադրիչին, նոր իմաստ հաղորդած են իր ընտանիքի պատմութեան։
«Նոյն նռան հատիկները» արդէն արժանացած է միջազգային մասնագիտական ուշադրութեան՝ ստանալով մրցանակ Կ. Պոլսոյ կինոփառատօնի «Կամուրջի հանդիպումներ» ծրագիրին մէջ։ «Ոսկէ Ծիրան»-ին մասնակցութիւնը բեմադրիչը կը համարէ իր ստեղծագործական ճանապարհի կարեւոր հանգրուան եւ առիթ՝ ֆիլմը միջազգային կինոյի աշխարհին ներկայացնելու համար։
