Հրանդ Տինք հիմնադրամի «Ուղեւորութիւններ դէպի արմատներ․ մտորումներ վայրի եւ պատկանելիութեան մասին» զրոյցներու շարքին ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 2-ին, Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում ամերիկահայ անուանի գիտնական, Մասաչուսէցի Ամհըրսթի համալսարանի պատուաւոր փրոֆեսոր Առլէն Ոսկի Աւագեանի հետ։
«Ընդունելով ընտանիքիս հողերը» խորագիրով զրոյցին ընթացքին Աւագեան պիտի ներկայացնէ իր ընտանիքին անցեալին հետ առերեսուելու եւ Արեւմտեան Հայաստանը իբրեւ նախնիներուն հայրենիք ընդունելու իր ուղին։
1915 թուականի ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքի ժառանգ Առլէն Ոսկի Աւագեան դեռ 14 տարեկանին՝ 1954 թուականին, իր մեծ մօրմէն՝ Էլմաս Թութույեանէն, լսած է անոր ապրած ողբերգական դէպքերուն մասին։ Մեծ մայրը խնդրած է իրմէ աշխարհին պատմել իր ապրումներուն մասին, սակայն Աւագեան երկար տարիներ փորձած է հեռու մնալ թէ՛ ընտանեկան պատմութենէն, թէ՛ իր հայկական ինքնութեան վերաբերող հարցերէն։
Հանդիպման ընթացքին ան պիտի անդրադառնայ այն ուղիին, որ զինք ընտանեկան անցեալէն խուսափելու փորձէն առաջնորդած է դէպի այդ անցեալին ընդունումը եւ զայն իր ինքնութեան անբաժանելի մասը դարձնելը։
Աւագեան անցեալ տարի եւս այցելած էր Պոլիս՝ ներկայացնելու իր «Առիւծ կինը եւ անոր ժառանգութիւնը․ ամերիկահայ կնոջ՝ ֆեմինիստ դառնալու ուղին» գիրքը։ Ան նաեւ կրկին հանդիպած էր «Շաբաթօրեայ մայրեր» նախաձեռնութեան անդամներուն։
Առլէն Ոսկի Աւագեան Մասաչուսէցի Ամհըրսթի համալսարանի Կիներու, սեռի եւ սեռականութեան ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին հիմնադիրներէն է։ Անոր գիտական եւ հասարակական գործունէութիւնը կը ներառէ նաեւ լուսանցքային համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու հասարակական շարժումներուն աջակցութիւնը։
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 2-ին՝ ժամը 16։00-18։00, Հրանդ Տինք հիմնադրամի Անարատ Հղութեան շէնքին մէջ։ Զրոյցը պիտի վարէ Ալին Վարդանեան Տիլավեր։ Միջոցառումը պիտի կատարուի անգլերէնով՝ առանց համաժամանակեայ թարգմանութեան։ Մասնակցելու համար անհրաժեշտ է նախապէս արձանագրուիլ։
