19-22-ը Յուլիս Մեսրոպ Մաշտոցին անուան Մատենադարանին մէջ կանցկացուի Միջազգային հայագիտական առաջին կոնգրեսը։ Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտին նախարար Ժաննա Անդրեասեանի՝ այս կարեւոր անելիքին շրջանակը կարիք կայ լսելու հէնց այն մարդոց, որոնք ներգրաւուած են այդ կարեւոր աշխատանքին մէջ, կիրականեցնեն ատ ամէնատարբեր երկրներու եւ ամէնատարբեր կոնտեքստներու մէջ՝ հասկնալու, լսելու բոլոր առաջարկները, դիտարկումները եւ իսկապէս հանդէս գալու հայագիտութեան համապարփակ ռազմավարութեամբ մը։
Ան տեղեկացուցած է, որ 2024ի դրութեամբ աշխարհի 12 երկրի 15 բուհին մէջ կազմակերպուած են հայագիտական կեդրոններ։ Նաեւ հաւելած է, որ այս համատեքստին մէջ կառավարութեան նպատակներէն է ստեղծիլ ցանցային հայագիտական համալսարան։
Մատենադարանին տնօրէն Արա Խզմալեանն ալ նշած է, որ կոնգրեսէն ակնկալիքները շատ մեծ են, ըլլալու են մասնագէտներ աշխարհի հեղինակաւոր համալսարաններէն, այդ թիվը՝ Օքսֆորդի, Հարուարդի, Բոլոնիայի, Սորբոնի, Ժնեւի եւ այլն։
