Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութիւնը նոր հանգրուան կը մտնէ․ կը մեկնարկէ նոր ուսումնական կիսամեակը

  • by Editbeglari, August 31, 2026 in Լուրեր
53 դիտում

Հրանդ Տինք Հիմնադրամի՝ արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան եւ տարածման ծրագիրը, որ կ՚իրականացուի 2016 թուականէն ի վեր, նոր հանգրուան կը մտնէ։

2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի առցանց դասընթացքներուն առաջին կիսամեակը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 21-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 2027 թուականի Յունուար 25-ը։ Ծրագիրը կը նախատեսէ ընդհանուր 72 ժամ ուսուցում՝ շաբաթը երկու օր, իւրաքանչիւր անգամ երկու ժամ տեւողութեամբ։ Դասընթացքները պիտի իրականացուին Zoom հարթակին միջոցով, իսկ մասնակցութեան դիմումներու ներկայացման վերջնաժամկէտը Սեպտեմբեր 17-ն է։

Հոկտեմբերին պիտի սկսին նաեւ խօսակցական վարպետութեան դասընթացքներ՝ արեւմտահայերէնի տարրական գիտելիքներ ունեցող եւ իրենց խօսակցական հմտութիւնները զարգացնել փափաքողներուն համար։

Հիմնադրամը, լեզուի դասընթացքներէն բացի, կ՚առաջարկէ նաեւ թուային կրթական նիւթեր՝ ուղղագրութեան ստուգման ծրագիրներ, ձայնագրութիւններ, յօդուածներ եւ տեսանիւթեր։ Ծրագրին նպատակն է ոչ միայն պահպանել արեւմտահայերէնը՝ իբրեւ վտանգուած մշակութային ժառանգութիւն, այլեւ զայն փոխանցել նոր սերունդներուն՝ արդիական եւ կենդանի ուսուցման մեթոտներով։