Արեւմտեան Հայաստանի գոֆերները ընդգրկուած են Կարմիր ցուցակին մէջ։ Անոնց քանակն արագօրէն կը նուազէ աճող քաղաքակրթութեան եւ սննդային ռեսուրսներու պակասին պատճառաւ: Խոտերու, դաշտերու եւ ջրամբարներու քովը՝ յատկապէս վաղ առտուն եւ երեկոյեան ժամերուն խումբերով արագ շարժուող գոֆերները ներառուած են Կարմիր ցուցակին մէջ միջազգային բնապահպանական կազմակերպութեան կողմէն: Աս ցուցակին մէջ ընդգրկուած են այն կենդանիները, որոնց տեսակները կրնան մօտ ապագային վտանգին տակ յայտնուիլ:
Ցաւոք, այսօր թիւրքական կառավարութիւնը իր կողմէն բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանին տարածքին մէջ չի ձեռնարկէր որեւէ միջոց՝ այս կենդանատեսակին պահպանման համար: Կառավարութիւնը կը շարունակէ վերացնիլ Արեւմտեան Հայաստանին բնութիւնն ամբողջութեամբ՝ եւ չի տար լուծում բնապահպանական խնդիրներուն:
Շինարարութեան ակտիվութիւնը թիւրքական քաղաքներու մէջ եւ խոշոր գործարաններէն արտանետուող քիմիական նիւթերը, որոնք կ՚աղտոտեն օդը, աւելի կը վնասեն շրջակայ միջավայրը՝ յանգեցնելով բնութեան եւ կէնսաբազմազանութեան արագ անկմանը: Աս վարքագիծը կը սպառնայ ոչ միայն գոֆերներու գոյութեանը, այլեւ վտանգին տակ կը դնէ ողջ բնութեան եւ կէնսաբազմազանութեան համակարգը:
