Արեւմտեան Հայաստանի զաւակները․ Քըրք Քըրքորեան 

  • by Editbeglari, August 30, 2024 in Լուրեր
275 դիտում

Քըրք Քրքոեան ծնած է 1917 թ., Կալիֆորնիոյ Ֆրեզնոյ քաղաքին մէջ, Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութենէ փրկուած ներգաղթեալներու ընտանիքին մէջ։

Լաս Վեգաս քաղաքը, ինչպիսին որ կայ, ստեղծած է Քըրք Քըրքորեան։ Պահ մը ան 41-րդն էր աշխարհին ամէնահարուստ մարդից շարքին մէջ։ Չնայած աշխարհով մէկ իր ձեռնարկած լայնածաւալ բարեգործութեանը՝ մշտապէս խուսափած է ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալէն, հրաժարուած է պարգեւներէն եւ երբեք համաձայնած է, որ իր նուիրատւութիւներէն որեւէ մէկը կոչուի իր անունով։

Քըրքորեան աշխարհին խոշորագոյն հիւրանոցներու կառուցողներէն է։ Անոր կը վերագրեն նաեւ Լաս Վեգասին զարգացման եւ ատոր խաղատուներն ու հիւրանոցներն իրենց ներկայիս կարգավիճակին հասցնելու պատիւը։ Ի վերջոյ, ան եղած ատկէ շատերուն յիմնադիրը։ Մետրո-Գոլդվին-Մայեր (Metro-Goldwyn-Mayer) կինոստուդիային նախկին սեփականատերն է։ Ըլլալով յմուտ ներդրող՝ ներգրաւուած է նաեւ աւտոարտադրութեան ոլորտին մէջ եւ դարձած է «Ֆորդ» եւ «Քրայսլեր» ընկերութիւններու նշանակալի մասին բաժնետերը։

Ընթացք մը եղած է Լոս-Անճելըսին ամէնէն հարուստ մարդը, եղած է աշխարհին մեծահարուստներուն ցուցակին մէջ։ Յայտնի էր իբրեւ եռանդուն բարեգործ, իսկ վերջերս Կալիֆորնիոյ պետական համալսարանիմ Լոս-Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) 200 միլիոն ԱՄՆ դոլար էր նուիրաբերած Dream հիմնադրամին ստեղծման եւ ուսումական այլ ծրագիրներու համար։

Քըրքորեան մահացած է Բեւեռլի Հիլզին մէջ, 2015 թուականի 15 Յունիս՝ ծննդեան 98-րդ տարեդարձէն 9 օր անց։ Թաղուած է Ինգլւուդ Փարք գերեզմանոցին մէջ՝  Լոս -Անճելըս։