Ջէք Գեւորգեան ամերիկահայ բժիշկ է, յայտնի է որպէս ԱՄՆ֊ին մէջ էֆթանազիա երեւոյթի սկզբնավորող եւ այն բաւականին ինտենսիվ կիրառող։
Ծնած է 1928թ., որպէս Մուրադ Յակոբ Գեւորգեան՝ անուանակոչվելով ի պատիվ ֆիդայի Սեբաստացի Մուրադի, ԱՄՆ֊ի Միչիգան նահանգի Պոնտեակ քաղաքին մէջ՝ հայ գաղթականներու ընտանիքին մէջ։
Օսմանեան կայսրութենէ ներգաղթած ծնողներու ժառանգ ըլլալով (մայրը Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան վերապրող էր)՝ ան եղած է օրինակելի ուսանող եւ էրուդիտ։ Համալսարան վաղ ընդունուած ըլլալով եւ ճարտարագիտութենէ անցում կատարելով բժշկական կրթութեան՝ Գեւորգեանն սկսած է աշխտիլ իբրեւ բժիշկ, սակայն թողած է սովորական պրակտիկան, որպէսզի կարողանայ հետազոտիլ ու կիրառիլ իր ոչ-ագանդական գաղափարները, օրինակ՝ բժշկական փորձարկումներ իրականացնիլ մահուան դատապարտուած կալանաւորներու վրայ։
Բժիշկ աշխտելու վաղ տարիներէն ի վեր տարուած ըլլալով մահուան գաղափարով՝ բուն էվթանազիայով ան սկսած է հետաքրքրուիլ շատ աւելի ուշ։ Ան օգնած է իրականացնիլ աւելի քան 100 ինքնասպանութիւն, որոնց ընթացքը օժանդակած է յիվանդներուն՝ անոնց յնարաւորութիւն ընձեռելով տնօրինելու յատուկ այդ նպատակին համար իր ստեղծած դեղանիւթին ներհոսքը։ Երբ անոր թոյլտւութեան համաձայն՝ ինքնասպանութիւններէն մէկը հեռարձակուեցաւ ազգային հեռուստատեսութեամբ, իրաւապահ մարմինները անոր դէմ սպանութեան մեղադրանքով գործ հարուցեցին, մեղաւոր ճանաչեցին եւ դատապարտեցին բանտարկութեան։ Անոր ազատ արձակման պայմաններէն էր այն, որ ան այլեւս իրաւունք չունեցաւ օժանդակիլ ինքնասպանութիւններու իրականացմանը։ Ջէք Գեւորգեան, սակայն, շարունակեց մնալ էվթանազիային համոզուած պաշտպան։
Դոկտոր Գեւորգեանին անձը մշտապէս պարուրուած է եղէր յակասականութեան շղարշով, ինչին հետեւանքով անոր յայտարարութիւններու եւ երբեմն նաեւ հանդուգն քայլերու շուրջ յաճախ են մեդիա-փոթորիկներ բարձրցուած։ Գեւորգեանին նկարագրելու համար մեդիան գրեթէ միշտ օգտագործած է իր բժիշկ գործընկերներու կողմէն անոր տրուած «Դոկտոր Մահ» մականունը։ Կեանքի վերջին տարիներուն, երբ էվթանազիային շուրջ տրամադրութիւններն ու գաղափարներն սկսած էին արդեն դանդաղօրէն փոխուիլ, անոր աւելի շատ սկսեցին պատկերիլ իբրեւ տառապեալներու կարեկից պաշտպանի ու առաջամարտիկի։
Չնայած ամբողջ կեանքին ընթացքը իր անձին շուրջ ծաւալուող լրջագոյն յակասութիւններուն՝ անոր քայլերն իսկապէս նոր մշակուող խնդիրին ճակատային գծին վրայ կանգնած առաջամարտիկին գործ էին։ Յանուն էվթանազիային օրինականացման տարուող պայքարին ատեն անոր թողած հետքն անջնջելի է եւ լաւագոյնս ձեւակերպուած է բժշկութեան պատմաբան Յովարդ Մարքելի կողմսէն, ըստ որու՝ Գեւորգեան «ժամանակակից բժշկութեան խոշորագոյն եւ պատմական անձնաւորութիւններէն մէկն է»։
