Արեւմտեան Հայաստանի զաւակները. լուսանկարիչ Յուսուֆ Քարշ

  • by Editbeglari, August 26, 2024 in Լուրեր
247 դիտում

Յուսուֆ Քարշ յայտնի դիմանկարիչ լուսանկարիչ էր:

Յուսուֆ Քարշ ծնուած է 1908 թուականին Մարդին քաղաքին նէջ, որը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանին մէջ: Յուսուֆ վերապրած է Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը. «Ես տեսած եմ, թէ ինչպէս կը սպանէին իմ հարազատներուս։ Քոյրս մահացաւ հիւծումէն, երբ մեզի կը քշէին գիւղէն գիւղ»: Ընտանիքը անոր ղրկեց Կանադա՝ հօրեղբօր մօտ: Օտտավային մէջ Քարշն անցկացուց իր մնացած ողջ կեանքը: Հօրեղբայրն է Յուսուֆին նուիրած առաջին ֆոտոխցիկը եւ ղրկած անոր ուսման՝ հայ լուսանկարիչ Ջոն Հ. Գարոյին քով, որտեղ ան կատարելագործուած է լուսանկարչութեան արուեստին մէջ, իսկ ետք սկսած է ինքնուրոյն աշխտիլ։

Յուսուֆ Քարշի աշխատանքներու թուին մէջ են Ուինսթոն Չերչիլի, Էռնստ Հեմինգուեյի, Մայր Թերեզայի, Ուոլթ Դիսնեյի, Օդրի Հեփբերնի, Մուհամեդ Ալիի, Ֆիդել Կաստրոյի եւ Դուայթ Էյզենհաուերին դիմանկարները: