Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներ. Ռիչարդ Դոնչեան 

  • by Editbeglari, August 20, 2024 in Լուրեր
285 դիտում

«Ոչ ոք դեռ կրցած է ցոյց տալ ինծի մաթեմատիկական բարդ հաւասարում, որն ունակ է կանխագուշակելու՝ շուկայի միտումն աճո՞ղ է, նուազո՞ղ, թէ՞ հորիզոնական»։

Ռիչարդ Դոնչեան  ծնած է 1905 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընտանիքին մը մէջ, որը 1880-ական թուականներուն լքած էր Արեւմտեան Հայաստանը: Անորով ստեղծուած ապրանքային միտումներու վերլուծութեան նորարարական մեթոդը թոյլ տուաւ մշակիլ տուրեւառին համակարգեր, որոնք կ՚օգտագործուին մինչ օրս:

Աւարտելով Եյլի համալսարանի տնտեսագիտութեան ֆակուլտետը՝ Դոնչեան սկիզբը աշխտած է գորգավաճառութեան ընտանեկան բիզնեսին մէջ՝ զուգահեռաբար զբաղուելով նաեւ արժեթուղթերու տուրեւառով։ 1929թ. տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով կորուսած է իր կարողութիւնը, ինչը անոր ստիպած է խորանալ գնարժէքին պատմութեան ու տուրեւառին միտումներու ոլորտին մէջ։ Իր գործունեութիւնը ան շարունակած է ֆինանսական սեկտորը՝ աշխտելով Ուոլ Սթրիթին մէջ։

Կեանքին ընթացքը Ռիչարդ Դոնչեան տպագրած է տասնեահ յօդուածներ եւ հիմնած Futures, Inc. ընկերութիւնը՝ առաջին բաց բաժնետիրական ֆոնդերէն մէկը։ Իր ժամանակէն առաջ ընկած այս մարդն իր մեթոդն կ՚ուսուցանէր կիները այն ատեն, երբ Ուոլ Սթրիթ կիներու մուտքը գրեթէ արգելուած էր։ Վերահաստատելով անոր գործին յաջողութիւնն ու հարատեւութիւնը՝ անոր սկզբունքներէն շատերն այսօր ալ կը կիրառուէին  ապրանքային շուկային ոլորտը։