
Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին գտնուող հրաբուխները մասնագէտներու կողմէ կը համարուին ոչ թէ մարած, այլ քնացած՝ այսինքն՝ գործունէութեան հնարաւորութեամբ։ Յոլդըզի տեխնիկական Համալսարանի դասախօս Շիւքրիւ Էրսոյի խօսքով՝ անոնցմէ քանի մը հատը պատմութեան ընթացքին ունեցած են վերջին մեծ ժայթքումները։

Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդանշական լեռը՝ Արարատը (5165 մ.), վերջին անգամ գործունէութիւն ցոյց տուած է 1840-ին՝ առաջացնելով ժայթքում եւ մարդկային զոհեր։ Մէկ այլ հրաբուխ՝ Թոնդրակը, 1855-ին արձակած է գազ եւ մոխիր։ Նեմրութի հրաբուխը (Բիթլիս) վերջին անգամ ժայթքած է 1692-ին, իսկ Սիփան լեռան վերջին գործունէութիւնը եղած է մօտ 10 հազար տարի առաջ։

Մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ թէեւ այս հրաբուխները ներկայիս հանգիստ են, անոնք կը շարունակեն համարուիլ քնացած հրաբուխներ, հետեւաբար՝ վտանգաւոր։
Արարատն ու միւս հրաբուխները ոչ միայն պատմական եւ բնապատմական նշանակութիւն ունին, այլ նաեւ կը յիշեցնեն տարածաշրջանի սէյսմիկ ու երկրաբանական իրականութիւնը։
