Արեւմտեան Հայաստանի Շարգըշլու գիւղին մէջ քամու պատճառաւ բռնկուած հրդեհը տարածուած եւ պատած է հարիւրաւոր հեկտար հողատարածք: Հրդեհը բռնկուած է դեռեւս չպարզուած պատճառաւ։
Քամու եւ չորացած խոտին պատճառաւ հրդեհը արագօրէն տարածուած է։ Հրդեհին արագ եւ անսպասելի տարածումը դժվարութեան մէջ դրեց արտակարգ իրավիճակներու պատասխանատուներուն եւ հրշեջներուն, ովքեր արձագանքեցին դէպքին։ Հրդեհին տարածումը կանխելու համար գիւղացիները տրակտորներով հերկած են հողը։ Այնուհետեւ միացած են անտառապահները։ Հրդեհին տարածումը կանխելու աշխատանքները կը շարունակուին։
