Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքները. Վան

  • by Editbeglari, August 08, 2024 in Լուրեր
464 դիտում

Վանը Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահանգներէն մէկն էր։  Գաւառի կեդրոնն այսօր համանուն քաղաքն է։ Վանա լճի ափին գտնուող քաղաքը հիմնած է Ուրարտուի թագաւոր Սարդուրի Առաջինը` 2846 տարի առաջ: Քաղաքը սկիզբը կոչուած է Տուշպա: 

Ունեցած է նաեւ այլ անուանումներ, ինչպէս Բիայնա, Երուանդավան, Շամիրամակերտ, Վանտոսպ եւ այլն:  Վանը եղած է նաեւ Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի կեդրոնական քաղաքը, որտեղ բազմած է Վասպուրականի իշխանական տոհմը` Արծրունիները: Վանն ունեցած է հարուստ բուսականութիւն, գեղեցիկ այգիներ: Քաղաքի այգեշատ թաղամասը կոչուած է Այգեստան: Վանի անուան իրական ծագումը յայտնի չէ: Այն կը կապեն Հայոց Վան թագաւորին անուան հետ, ըստ մէկ այլ տարբերակի` ատ Բիայնիլիի հնչիւնափոխուած տարբերակն է:

 1915 թուականին թիւրքական զորքերը շրջեցին քաղաքին մէջ՝ գրեթե ջնջելով այն երկրին երեսէն, կոտորելով քաղաքին մէջ ապրող հայերուն։ 

 Ցեղասպանութեան տարիներուն վանեցիները հերոսական պայքար մղած են թիւրքական զորքերու դէմ: Կոտորածներէն փրկուած հայերու մասը մը Հաստատուած է Արեւելեան Հայաստանին մէջ: Քաղաքը գրաված թիւրքերը աւերած են հայկական թաղամասերը: 

Այսօր Թիւրքիոյ կառավարութիւնը կը ցանկնայ այդ հողէն ջնջիլ ցեղասպանութեան ամոթալի խարանը եւ տարածաշրջանը դարձնիլ ճանաչողական զբոսաշրջութեան կեդրոն։  Վան քաղաքին մէջ պահպանուած են հնագոյն մեծ քաղաքակրթութիւններու ճարտարապետական հետքեր եւ բնաերկրաբանական երեւոյթներ՝ Վանի բերդը, Ուրարտուի թագաւորներու մարգարիտը (կը թուագրուի Մ.թ.ա. 9-րդ դարով), Ուրարտական կեֆ եւ Այանիս ամրոցները։  Վանը բազմաթիվ հայ նշանաւոր անհատներու, արուեստի եւ գիտութեան գործիչներու հայրենիքն է։