Արեւմտեան Հայաստանի քրիստոնեայ հայ համայնքը կը շարունակէ պայքարիլ ինքնութեան պահպանման համար

  • by Editbeglari, July 29, 2026 in Լուրեր
98 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՛ապրի շուրջ 40-50 հազար քրիստոնեայ հայ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը բնակի Պոլսոյ մէջ։ Թէեւ համայնքը կը շարունակէ պահպանել իր ազգային, մշակութային եւ եկեղեցական կեանքը՝ դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ հասարակական կառոյցներու միջոցով, ան լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի։

Այսօր կը գործեն 17 հայկական դպրոց եւ 42 եկեղեցի, սակայն աշակերտներու թիւը տարուէ տարի կը նուազի։ Աւելի ու աւելի շատ ծնողներ իրենց զաւակները օտարալեզու դպրոցներ կը ղրկեն, ինչ որ բացասաբար կ՛ազդէ մայրենի լեզուի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման վրայ։

Մասնագէտներուն համաձայն՝ համայնքին ապագան կախեալ է ոչ միայն գործող հաստատութիւններու պահպանութենէն, այլեւ հայկական ընտանիքներու թիւի աճէն, ազգային կրթութեան խրախուսումէն եւ երիտասարդ սերունդի աշխուժ մասնակցութենէն։ Չնայած դժուարութիւններուն՝ համայնքը կը շարունակէ մնալ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական ժառանգութեան կարեւոր կրողը։