«Վահագն» ՌՀԲՀԿ-ի հիմնադիր-նախագահ Կարապետ Կարապետեան գրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Արծրուն Պեպանեանը պարգեւատրած է «Իշխանի շղթայով»։
Արծրուն Պեպանեան յայտնի է հանրային մտածողութեան, ազգային հոգեկերտուածքի եւ քաղաքական համակարգերու վերափոխման վերաբերեալ իր ինքնատիպ տեսութիւններով եւ վերլուծութիւններով։ Անոր աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն ազգային ինքնագիտակցութեան, հասարակական կեանքի եւ քաղաքական գործընթացներու ուսումնասիրութեան հարցերը։
