Արցախահայ մանուկներու ծրագիր՝ Գանատայի Հայոց Թեմի մարդասիրական նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս

  • by Editbeglari, October 02, 2025 in Լուրեր
191 դիտում

Երեւանի Big Minds Kids ուսումնական կեդրոնը հիւրընկալեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, որ մասնակցեցաւ արցախցի երեխաներու համար կազմակերպուած անգլերէնի դասընթացին վկայագիրներու յանձնումի արարողութեան։

Արդէն երկրորդ տարին իրականացուող վեցամսեայ այս ծրագիրը կը համատեղէ ուսուցումն ու խաղը․ երեխաները կը սորվին անգլերէն՝ միաժամանակ LEGO-ներով արտայայտելով իրենց պատկերացումները։ Այս ձեւը դասերուն կու տայ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն եւ կը նպաստէ գիտելիքի ամրապնդուած իւրացման։

Վկայագիրներու յանձնումէն ետք Սրբազան Հայրը անձամբ մասնակցեցաւ մէկ դասընթացքի, համոզուելով մեթոտի հաճելի եւ արդիւնաւէտ բնոյթին։ Ան իր գոհունակութիւնը փոխանցեց կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Մաքտիսեանին, ընդգծելով համագործակցութենէն ծնած դրական արդիւնքները։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի