«Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» անկախ ակադեմիական հարթակը կը ներկայացնէ Արցախի խաչքարային պատկերաքանդակին եզակի դրսեւորում հայ խաչքարային մշակոյթին մէջ։ Այն կը ներկայացնէ մահկանացուներուն, անոնց հիմնական զբաղմունքը, ակնկալիքները, անմահութեան մասին ժողովրդական պատկերացումները։
Բազմաթիվ կերպարներու եւ թեմաներու մէջ առանձնակի կարեւորութիւն ունէ ռազմիկին կերպարը եւ կռուի թեման։ Թէ երբ է սկիզբ առած այդ ուշագրաւ դրսեւորումը, մինչեւ վերջ պարզուած չէ։
Ռազմիկներու պատկերաքանդակներ կրող խաչքարային արձանագրութիւններէն դատելով, կարելի է ատոնց ամէնահաւանական սկիզբը համարիլ 12-րդ դարին կէսերը, երբ Արցախի իշխանութիւնները համառ պայքար էին սկսած երկրամասին ազատագրման համար։
Մոտ երեք տարի առաջ Պտրեցիք գիւղի անտառներու մէջ յայատնաբերուած է խաչքար մը, որն ամէնայն հաւանականութեամբ նման խաչքարերու առաջնեկներէն է։
Հարթակը կը նշէ, որ խաչքարն արձանագրութիւն չունէ եւ անոր մոտաւոր ժամանակի մասին կրնան դատիլ ելնելով ծաւալային լուծումէն, հորինուածքի առանձին բաղադրիչներու պատկերագրական առանձնայատկութիւններէն եւ քանդակին տեխնիկական կատարումէն։
Իր պարզութեամբ կ՚առանձնանայ նաեւ պատկերաքանդակը. պատկերուած չեն հեծյալի հագուստը, գլխարկը, մանրամասնուած չեն դեմքը, ձիասարքը, թամբը։ Մերկացուցած թուրը եւ գոտուն ամրացուցած պատեանն աւելի ենթադրելի են։ Թուարկած մանրամասները հիմք կուտան խաչքարը վերագրիլ 11-րդ դարին, ամէնաւերին սահման համարելով 12-րդ դարին սկիզբը։
Բայց այս պարզ ու սխեմատիկ ներկայացումն իրականացուած է յստակ կառուցուածքով՝ վարդեակ, խաչի կոթուն, ականթազարդեր, խորանի վերնակիւնէն իջնող ողկոյզներ, ճշգրիտ ու ելնդաւոր քանդակ՝ յատկութիւններ, որ առանձին հմայք կը յաղորդեն այս եզակի խաչքարին։
