«Արցախ. Էթնիկ զտման դէմքերը» համաժողով եւ լուսանկարչական ցուցահանդէս՝ Գրանադայի համալսարանին մէջ

  • by Editbeglari, March 11, 2026 in Լուրեր
143 դիտում

Իսպանիայի Գրանադայի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Արցախ. Էթնիկ զտման դէմքերը» խորագրով համաժողով եւ լուսանկարային ցուցահանդէս։ Միջոցառումը կազմակերպուած է՝ չնայած Ադրբեջանի դեսպանատան ճնշումներուն։

Համաժողովի ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ 2023 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք հանգեցուցին աւելի քան հարիւր հազար հայերու բռնի տեղահանման Արցախէն։

Բանախօսներուն շարքին էին լրագրող Անտրիւ Ֆերնանդէս Գարսիան եւ Քաթալոնիայի «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեան։ Վերջինս իր ելոյթին մէջ ընդգծած է միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածի մասին բարձրաձայնելու կարեւորութիւնը։

Ֆոթոլրագրող Անդրիւ Ֆերնանդէս ներկայացուցած է նաեւ իր աշխատանքները, որոնք նկարահանուած են Հայաստանի Վայք եւ Գորիս քաղաքներու փախստականներու ընդունման կեդրոններուն մէջ։ Լուսանկարներուն միջոցով ան պատմած է տեղահանուած ընտանիքներու պատմութիւնները եւ ներկայացուցած տեղի ունեցածը որպէս վաւերագրական յիշողութիւն։

Միջոցառումը կազմակերպուած էր Խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու հետազօտական ինստիտուտի կողմէ՝ Գրանադայի համալսարանի Քաղաքագիտութեան եւ հասարակագիտութեան բաժնի, Սանդա Քոլոմա դե Գրամենետի քաղաքապետարանի եւ Իսպանիա-հայկական ուսումնասիրութիւններու ցանցի աջակցութեամբ։

Ցուցահանդէսը տեղադրուած է համալսարանի Քաղաքագիտութեան բաժինը՝ նպատակ ունենալով միջազգային հանրութեան ներկայացնել Արցախի հայերու ճակատագրի մասին փաստերը եւ բարձրացնել իրազեկուածութիւնը։