«Բառգիրք»․ երեք լեզու՝ մէկ հարթակի վրայ

  • by Editbeglari, September 05, 2026 in Լուրեր
99 դիտում

Հայերէնը ժամանակակից արհեստագիտութիւններու միջոցաւ աւելի հասանելի դարձնելու նպատակով ստեղծուած է «Բառգիրք» (Parkirk) բջջային յաւելուածը։ Նախկին պոլսահայ Վարդ-Յակոբ Նշանեանի հեղինակած ծրագիրը կը միաւորէ հայերէն, թրքերէն եւ գերմաներէն բառապաշար՝ հնարաւորութիւն տալով արագ եւ դիւրութեամբ փնտռել անհրաժեշտ բառերն ու անոնց համապատասխանութիւնները։

Յաւելուածը անվճար հասանելի է iPhone եւ Android սարքերու համար։ Անիկա կ՚առաջարկէ շարք մը գործնական հնարաւորութիւններ՝ հայերէն բառերու որոնում լատինատառ գրութեամբ, անձնական բառարանի ստեղծում, աստղանիշի միջոցով կրճատուած որոնում եւ բառարաններու յետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւն։

«Բառգիրք»-ը կրնայ օգտակար գործիք դառնալ լեզուներ սորվողներու, թարգմանիչներու եւ տարբեր լեզուներով աշխատող օգտատէրերու համար՝ լրացնելով առկայ առցանց բառարաններու հնարաւորութիւնները։