Բացառիկ գրադարանը, որն ունէ մոտ 22 մլն գրականութեամբ պահոց, կառավարութիւնը լուծարած է 

  • by Editbeglari, July 26, 2024 in Լուրեր
331 դիտում

Արեւելեան Հայաստանի կառավարութիւնը լուծարած է բացառիկ գրադարանը, որն ունէ շուրջ 22 միլիոն գրականութեամբ պահոց։ 

Նորմատիվ տեխնիկական փաստաթուղթերու ֆոնդը կը ներառէ մօտ 1 մլն օրինակ փաստաթուղթ՝ ստանդարտներ, տեխնիկական պայմաններ, շինարարական նորմեր եւ կանօններ։ Արդիւնաբերական կատալոգներու ֆոնդն ալ մօտ 1 մլն օրինակ փաստաթուղթ է։
Գիտատեխնիկական գրադարանին աշխատակիցները, որոնք մեծ նուիրումով կը մօտնան իրենց աշխատանքին, գրադարանի լուծարման պարագային 13 Օգոստոսէն կդառնան գործազուրկ։ Կառավարութիւնը որոշած է նաեւ օտարիլ գրադարանին շէնքը։
Կը յաղորդէ նաեւ, որ հանրապետութեան մէջ գործող չորս մասնաճիւղերէն՝ Գիւմրիին, Վանաձորին, Կապանին եւ Հրազդանին մէջ կը դիտարկուի միայն Գիւմրիի մասնաճիւղին պահպանութեան հարցը: