Բաքուի դատարանն արցախցի Ռաշիդ Բեգլարեանին դատապարտեց 15 տարուա ազատազրկման 

  • by Editbeglari, July 12, 2024 in Լուրեր
275 դիտում

Բաքուի դատարանն արցախցի Ռաշիդ Բեգլարեանին դատապարտած է 15 տարուա ազատազրկման։ Ասոր մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները։

Ան առաջին 5 տարին ըլլալու է բանտին մէջ, իսկ յաջորդ 10-ը` խստացուած ռեժիմին գաղութին մէջ։ Նշինք, որ դատախազը 17 տարուա ազատազրկում էր պահանջած։

Յիշեցունք, որ 2023ին 01 Օգոստոս յայտնի դարձաւ, որ Բաքուի սահմանապահները ձերբակալած են Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի 61-ամեա Ռաշիդ Բեգլարեանին, որը մոլորուած ու յայտնուած էր Բաքուի կողմէն գրաւուած տարածքին մէջ։

Բաքուն անոր կալանաւորեց 2023ին Նոյեմբերին։

Արցախցին կը մեղադրուի իբր «Խոջալուի ցեղասպանութեան» համար, գործ էր հարուցուած միանգամից հինգ քրեական յօդուածներով։