Պատմաբան եւ ատրպէյճանագէտ Գրիգորի Այուազեան «Առաւօտ»ի հետ զրոյցին անդրադարձած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ Սիւնիքի Շաքի բնակավայրին մէջ ատրպէյճանցի զինուորականի մասնակցութեամբ միջադէպին։
Այուազեանի գնահատմամբ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հռետորաբանութիւնը խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն չի ցուցաբերեր։ Ան կը կարծէ, որ Հայաստանը պէտք է շարունակէ պաշտպանել թէ՛ արցախահայութեան՝ հայրենիք վերադառնալու, թէ՛ Ատրպէյճանէն բռնագաղթած հայերուն իրաւունքները՝ միաժամանակ ամրապնդելով երկրի պաշտպանունակութիւնը եւ զարգացնելով դիւանագիտական կապերը։
Անդրադառնալով Շաքիի միջադէպին՝ ատրպէյճանագէտը կասկածի տակ դրած է ատրպէյճանցիին մոլորած ըլլալու վարկածը։ Անոր խօսքով՝ միջադէպին հանգամանքներն ու անձին վարքագիծը հիմք կու տան զայն դիտարկելու իբրեւ հնարաւոր սադրանք։ Այուազեան նշած է, որ ատրպէյճանցիին գործողութիւնները յարձակողական եղած են, եւ ան պէտք է խիստ պատիժի ենթարկուի՝ ընդհուպ մինչեւ ցմահ ազատազրկում։
Պատմաբանը նաեւ ընդգծած է հայկական պետականութեան անվտանգութեան ամրապնդման, Ատրպէյճանի ներկայացուցած տարածքային պահանջներուն հակազդելու եւ արցախահայութեան ու ատրպէյճանահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը միջազգային օրակարգին մէջ պահելու անհրաժեշտութիւնը։
