Մշակուած է բջջային յաւելուած, որն կանուանուի դարերու պատմութիւն ունեցող, Արեւելքն Արեւմուտքը կապող քարավանային ուղիները միացնող, որպէս հայոց պատմութեան «առասպելական» մայրաքաղաք յայտնի Անի քաղաքին պատմութեանն ու ճարտարապետութեանը։ Պորտուգալիա գործող Գալուստ Գյուլբենկեան հիմնադրամին եւ ԱՄՆ գործող Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամին աջակցութեամբ Անիին բջջային յաւելուածին նախագիծին շուրջ համախմբուած են բազմաթիվ փորձագէտներ, հնագէտներ, արուեստին պատմաբաններ, ճարտարապետներ եւ լուսանկարիչներ Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Եւրոպայէն Թուրքերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով պատրաստուած յաւելուածը օգտատիրոջն կը ներկայացուի Անիին եւ անոր շրջակայքին մասին տեղեկութիւններ «Պատմութիւն», «Ճարտարապետութիւն», «Արուեստին պատմութիւն» եւմ«Պահպանութեան աշխատանքներ» խորագիրներով։ Անիին տարբեր կառոյցներու տեղակայման հիման վրայ ստեղծուած չորս հիմնական երթուղիները յնարաւորութիւն կու տան այցելիլ եւ յայտնի թեմաներով զգալ Անիին հնավայրը: Օգտատերերը իրենց նախընտրած կառոյցներն ընտրելով՝ կրնան նաեւ ստեղծիլ իրենց սեփական երթուղիները: Բովանդակութիւնը կը պարունակէ պատմական եւ ճարտարապետական տեքստերը աւելի լաւ հասկընալու համար ճարտարապետական տերմիններու բառարան, մատենագիտութիւն, աւելի համապարփակ յետազոտութիւններու վրայ լոյս սփռող մատենագիտութիւն, եւ Անիին մասին իրենց գիտելիքները ստուգել ցանկացող օգտատերերու համար պատրաստուած փոքր թեստային բաժին։ Վիրտուալ ուղեցոյցը կը ներառէ նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, ինչպիսիք են այցելութիւններու ժամերը, տրանսպորտը եւ հասանելիութիւնը:
Եռալեզու բջջային յաւելուած Անիին համար
- by Editbeglari, December 29, 2023 in Հասարակութիւն
475
դիտում
