«Հայեացքն Արցախին» հաղորդման հիւրը ԱԺ նախկին պատգամաւոր, հասարակական-քաղաքական գործիչ Կարինէ Աճեմեանն է։ Ան ծնած է Երեւան։ Տարիներու ընթացքին Արցախը դարձած է անոր կեանքին ու գործունէութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկը։ Արցախի հետ կապուած անոր յիշողութիւններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ հոն ստեղծուած եւ պահպանուած մշակութային ժառանգութիւնը։
«Այդ մեծ մշակութային ժառանգութիւնը, որ թողած ենք Արցախ, մեծ ապացոյց է, որ Արցախը հայկական է»։
Հաղորդման ընթացքին խօսած ենք Արցախի, կորստեան ցաւին, յիշողութեան եւ այն արժէքներուն մասին, որոնք կը շարունակեն մեզ կապել Արցախին։
