Թրքահայ վաքըֆներու միութեան՝ ԷՐՎԱՊ-ի Կրթական յանձնախումբը Հոկտեմբեր 12-ին, Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի Կոմիտաս սրահին մէջ, գումարած է հերթական ժողովը՝ քննարկելու հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնի եւ կրօնի դասաւանդման նոր ծրագիրներու մշակման ընթացքն ու անոնց ֆինանսաւորման հարցերը։
Ժողովի ընթացքին ներկայացուած են կրօնի դասաւանդման եւ հայերէնի ուսուցման նոր ծրագիրներու մշակման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները։ Որոշուած է շարունակել ծրագիրներու մշակումը, պատրաստել անհրաժեշտ ուսումնական նիւթերը եւ լրացուցիչ պիւտճէ ներկայացնել ԷՐՎԱՊ-ին։
Կրթական յանձնախումբը կ՚ակնկալէ նաեւ համայնքային հաստատութիւններու աջակցութիւնը՝ հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնի եւ կրօնի դասաւանդման ծրագիրները իրականացնելու եւ զարգացնելու նպատակով։
