Թարիք Զիա Էքինջիի՝ 2010 թուականին «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէ լոյս տեսած «Յիշողութիւններս՝ Լիջեէն մինչեւ Փարիզ» խորագիրով գիրքին մէջ ներառուած են նաեւ Լիջեի եւ Դիարբեքիրի (Տիգրանակերտ) հայերու՝ 1915-ին եւ ատկէ ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ կարեւոր վկայութիւններ:
1965 թուականին ընտրուած էր Դիարբեքիրի պատգամաւոր Թիւրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութենէ, եղած է նաեւ Թիւրքիոյ բժշկական ասոցիացիայի (TTB) Բարձրագոյն պատուոյ խորհուրդի անդամ։
Ան մեղադրուած է Թիւրքիոյ քրեական օրէնսգիրքի 142/1 յօդուածով «քրդականութեան» քարոզչութեան համար եւ դատապարտուած է երեք տարուա ազատազրկման Դիարբեքիրին ռազմական բանտին մէջ, որտեղ կալանաւորուած է երկու տարի։ Անոր հինգ անգամ ձերբակալած են 1980 թուականի 12 Սեպտեմբեր հեղաշրջումէն ետք։
Թիւրքիոյ սոցիալիստական շարժման եւ քուրդ ժողովուրդի իրաւունքներու պայքարին կարեւոր դեմքերէն Թարիք Զիա Էքինջին 99 տարեկան հասակը կեանքէն հեռցաւ:
