Թիւրքական սերիալները կատարեալ աղբ են․ ռուս պատգամաւոր

  • by Editbeglari, July 23, 2024 in Լուրեր
269 դիտում

Ռուսաստանի Պետդումայի ընտանիքին պաշտպանութեան, հայրութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու հանձնաժողովին փոխնախագահ, ռուս պատգամաւոր Վիտալի Միլոնով կոչ է ըրած արգելիլ թիւրքական հեռուստասերիալներու ցուցադրումը Ռուսաստանին մէջ։ Ատոր մասին ան յայտնած է ռուսական ձայնասփիւռին յաղորդումներէն մէկին ատեն։

Ըստ պատգամաւորի՝ թիւրքական հեռուստասերիալները «կատարեալ աղբ են»։ Նշած է, որ ռուս հեռուստադիտողը «կը հաւանէ հեքիաթ մը, որը իրականութեանը չի համապատասխանէր»։ Անոր համոզմամբ, սերիալները նաեւ կը նպաստեն ընտանեկան բռնութեանը, ինչպէս նաեւ  ներընտանեկան շարք մը խնդիրներու առաջացմանը։

«Թիւրքիոյ մէջ խելացի դերասան մը չկայ, անոնք բոլորը բացարձակապէս անտաղանդ, էժանագին խաբեբաներ են։ Թող ցոյց տան իրական պատկերը,  թէ ինչպէս են թիւրք տղամարդիկ բռնութիւն կը կիրառեն կիներու եւ զաւակներու նկատմամբ»,- նշած է պատգամաւորը։