«Ինչպէս այդ եղաւ» – յիշողութեան եւ վերաիմաստաւորման հանդիպում

  • by Editbeglari, September 30, 2025 in Լուրեր
167 դիտում

2025 թուականի Սեպտեմբեր 26-ին, «Եւրասիա–Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, «Ինչպէս այդ եղաւ» ծրագրի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ նուիրուած էր 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի մէջ սկսած պատերազմի իրադարձութիւններու վերաիմաստաւորման։

Այս թուականը դարձաւ շրջադարձային կէտ տարածաշրջանի պատմութեան մէջ։ Ան նշանաւորեց լայնածաւալ զինուած հակամարտութեան սկիզբը՝ մարդկային կորուստներով, խեղուած ճակատագրերով եւ խոր վէրքերով, որոնք մինչեւ այսօր բաց կը մնան։ Հանդիպման ընթացքին, Արցախի վաստակաւոր մանկավարժ Վերա Գերասիմովնա Խաչատուրեանի առաջնորդութեամբ, մասնակիցները բաժնեցին իրենց յիշողութիւններն ու ապրումները՝ առնչուած պատերազմի կեդրոնին մէջ գտնուած մարդոց փորձառութեան հետ։ Քննարկուեցան բռնի տեղահանուածներու ճակատագրերը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան իմաստը՝ ժամանակակից իրողութիւններու համատեքստին մէջ։

«Եւրասիա–Հայաստան» կազմակերպութեան նախաձեռնած այս միջոցառումը վերածուեցաւ անկեղծ երկխօսութեան, լռութեան, համերաշխութեան եւ յոյսի տարածքի։ Անիկա ոչ միայն յիշողութեան հանդիպում մըն էր, այլ նաեւ՝ համատեղ ըմբռնումի եւ հասկնալու արարք։ Ներկաներուն համար երեկոն խոր հետք ձգեց, իսկ անոնց համար, որոնք չկարողացան մասնակցիլ, կազմակերպիչները կը փորձեն պահպանել եւ փոխանցել այդ մթնոլորտը։

Անցեալը աւարտ չէ, այլ շարունակութիւն։ Կրկնութիւնը կանխելու համար պէտք է յիշել։ Յիշելու համար՝ պէտք է խօսիլ։ «Եւրասիա–Հայաստան» կազմակերպութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր մասնակիցներուն՝ ներկայութեան, անկեղծութեան եւ երկխօսութեան պատրաստակամութեան համար։ «Եւրասիա» ՀԿ-ն կը շարունակէ իր մարդասիրական ծրագիրները՝ ուղղուած աւանդական արժէքներու պահպանման, միջէթնիկ հաղորդակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ կրթութեան, բժշկութեան եւ երիտասարդական փոխանակման ոլորտներուն մէջ հասարակական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններու աջակցման։