Ինքնութեան մասին շատ կը խօսուի։ Մշակոյթի մասին՝ նոյնպէս։ Սակայն արժէ մտածել նաեւ անոնց փոխկապակցութեան մասին, յատկապէս այսօր, երբ շատ կը խօսինք թէ՛ ինքնութեան, թէ՛ մշակոյթի խաթարման եւ կորուստի մասին։ Խաթարմա՞ն, թէ՞… զարգացման։
Ինքնութիւն․ ինչպէս սահմանել այն, ինչպէս ձեւակերպել, հասկնալ եւ հասկցնել։
Ինքնութիւնը նախ եւ առաջ կապ ունի անունիդ ու ազգանունիդ հետ եւ այդպիսով արտայայտուող է։ Ընդհանրապէս անունդ կրնայ ցոյց տալ ազգութիւնդ, իսկ ազգութիւնը ունի մշակութային հիմք՝ ունենալով նաեւ պատմական եւ աշխարհագրական խարսխներ։ Սակայն միշտ չէ, որ անունը կրնայ ամբողջական հայելային արտացոլում ըլլալ ինքնութեան, քանի որ որեւէ անուն հեշտութեամբ կրնայ փոխանցուիլ մէկ ժողովուրդէն մօտ միւսին՝ ամբողջութեամբ կամ փոքր փոփոխութիւններով։ Օրինակ՝ Սոման կրնայ դառնալ Սոնա, Սոնիկ, Սոնիա, Սունա եւ այլ։ Նոյնը նաեւ ազգանուններուն պարագային․ երբեմն անոնք կը փոխուին պատահաբար, երբեմն կամաւորաբար, երբեմն եւ պարտադրանքով՝ ծածկելով իրական ինքնութիւնը։
Ինքնութիւնդ առնչուած է նաեւ ծնողներիդ, ընտանեկան դաստիարակութեանդ, կրթութեանդ եւ մասնագիտութեանդ հետ։ Այս բոլորն ալ մշակութային կապ ունին։ Երբ կ’ըսենք՝ այս մէկը բժիշկ է, միւսը՝ կառավարիչ, կը վերագրենք իւրաքանչիւրին առանձին ինքնութիւն։
Այո՛, ինքնութիւնը բազմաշերտ իրականութիւն է։
Անհատը ճանչցուած կ’ըլլայ նաեւ իր բնաւորութեամբ, դրական եւ բացասական յատկանիշներով, թերութիւններով, իր կատարած գործերով, հասարակութեան մէջ ձեռք բերած դիրքով եւ համբաւով։ Եւ երբ կը խօսուի ինքնութեան պահպանութեան մասին, կամայ թէ ակամայ հարց մը կը ծագի՝ ի վերջոյ ո՞ր ինքնութեան մասին կը խօսինք։
Մշակոյթը եւս աւելի բազմաշերտ է՝ իր տարբեր կողմերով, ընկալումներով եւ շերտաւորումներով։
Ի՞նչ է մշակոյթը, ո՞ ւր կը սկսի, ո՞ ւր կ’աւարտի, ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր վրայ եւ կը ձեւաւորէ մեր ինքնութիւնը։ Թէ՞ հակառակը՝ ինքնութիւնն է ձեւաւորող մեր մշակոյթը։
Բառի արմատը ինքնին հետաքրքրական է․ չէ՞ որ մշակել կը նշանակէ սկսիլ հողէն՝ հողը մշակելով։ Այնուհետև անցնելով մեր բարքերուն, սովորութիւններուն, վարքագիծին, ուրախութեան եւ վիշտի արտայայտութիւններուն, հաղորդակցութեան, հասնելով մինչեւ Արամազդ եւ մինչեւ Աստուած երկրպագութիւն։
Շատ հաւանաբար, երբ կը խօսինք «մշակոյթ»ի մասին, առաջին հերթին կը հասկնանք երգ եւ պար, բեմ եւ նկարչութիւն, գիր եւ գրականութիւն։ Բայց շատ հաճախ կը կապենք այն խոհանոցին եւ անգամ կենսակերպին հետ։ Այո՛, մեր խոհանոցը եւս մեր մշակոյթի դրսեւորումներէն է, գուցէ ամենէն մնայուն եւ կայունը, որովհետեւ կապուած է մեր առողջութեան հետ։ Իսկ առողջութիւնը մեր կեանքի հիմքն է։ Սակայն շատ անգամ չենք նկատեր, որ մշակոյթի բոլոր դրսեւորումները կապուած են մեր առողջութեան հետ, քանի որ մեզի հոգեւոր սնունդ կու տան, որ երբեմն մարմնականէն ալ կարեւոր կրնայ ըլլալ։
Բայց ի՞նչ նշանակութիւն ունի «մշակոյթ պահել»։ Արդեօ՞ք հնարաւոր է մշակոյթը ապահով պահել։ Կարծես հակասութիւն կայ․ «մշակել» կը նշանակէ մշտական գործընթաց, մինչդեռ «պահել» կը նշանակէ պահպանել առկայ վիճակը։ Ահա այստեղ կը ծագի հարցադրումը՝ խաթարո՞ւմ, թէ՞ զարգացում։ Քաղաքակրթական ազդակները՝ ժամանակը, վայրը, սերունդը, միջավայրը, անխուսափելիօրէն ազդած են մեր վրայ։ Արդեօ՞ք դիմադրել անոնց, ընդունի՞լ, հարմարուի՞լ, թէ՞ օգտուիլ։
Նոյնը լեզուին պարագային։ Լեզուն, որ ինքնութեան գլխաւոր արտայայտիչն է, թէեւ կ’ենթարկուի ազդեցութիւններուն, կրնայ շարունակել կեանքը՝ մշակուելով, վերամշակուելով եւ զարգանալով։ Կենդանի կը մնայ, մինչեւ որ խօսուի, գրուի եւ կարդացուի։
Մշակոյթը՝ ինքնութեան հենասիւն։ Թէ՞ ինքնութիւնն է մշակոյթի հենասիւն։ Թէ՞ ընդամենը՝ ինքնութիւնն ու մշակոյթը համարժէք են միմեանց։
