Համայնքային կառոյցներու ապագային, համերաշխութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան մասին քննարկումները կրկին կը յառաջացնեն մէկ կարեւոր հարց. իսկ ո՞րն է հայ մամուլին տեղը համայնքի կեանքին մէջ։
Եթէ դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային ու հասարակական կառոյցները համայնքային կեանքի հիմնասիւներն են, ապա հայ մամուլը այն հարթակն է, որ տասնամեակներ շարունակ կ՚արձանագրէ անոնց գործունէութիւնը, կը ներկայացնէ ձեռքբերումները եւ կը բարձրաձայնէ խնդիրները։
Սակայն այսօր անհրաժեշտ է հարց տալ՝ համայնքային հաստատութիւնները արդեօ՞ք հայ մամուլը կը շարունակեն նկատել իրենց գործունէութեան կարեւոր եւ անհրաժեշտ մէկ մասը, թէ՞ թերթը կը յիշեն միայն յայտարարութիւն կամ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելու անհրաժեշտութեան պարագային։
Հայ մամուլը պարզապէս տեղեկութիւն տարածելու միջոց մը չէ։ Անիկա համայնքի յիշողութիւնը պահպանող, պատմութիւնը արձանագրող եւ հասարակական երկխօսութիւն ձեւաւորող կառոյց մըն է։
Հետեւաբար, համայնքային պատասխանատուութիւնը պէտք է տարածուի նաեւ հայ մամուլի պահպանման եւ զարգացման վրայ։ Եթէ կ՚ուզենք պահպանել մեր համայնքային կեանքը, պէտք է պահպանենք նաեւ այն մամուլը, որ ամէն օր կ՚արձանագրէ այդ կեանքի պատմութիւնը։
