Արեւելեան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար Ժաննա Անդրեասեան ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան, զբոսաշրջութեան եւ ձեռարուեստի նախարար Սեյեդ Ռեզա Սալեհի Ամիրիի գլխաւորած պատգիրակութեանը: Աս մասին կը յայտնեն ԿԳՄՍՆ-էն:
Մշակոյթի ոլորտի մէջ համագործակցութիւնն առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Հայաստանի եւ Իրանի միջպետական յարաբերութիւններու մէջ։ Մենք արդեն իսկ համատեղ կ՚աշխատինք տարբեր ուղղութիւններով, եւ երկու երկրներու միջեւ ստորագրուած համագործակցային շարք մը փաստաթուղթեր զարկ են տալու նոր արդիւնաւետ ծրագրերու իրականացմանը»,- ըտած է Ժաննա Անդրեասեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդներն ընդհանուր արժէքները պահպանելու հանձնառութիւն ունին: Նախարար Ժաննա Անդրեասեան կարեւորած է երկու պետութիւններու մշակութային կառոյցներու համատեղ աշխատանքներու խրախուսումը, տարբեր ոլորտներու մէջ նոր նախագծերու իրականացումը:
